2014-11-15 09:54:20

Եկեղեցական շարժումներու միջազգային երրորդ հաւաքը` դէպի եկեղեցական հասունութիւն։


(Ռ.Վ. 15 նոյեմբեր 2014) Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարդինալ Ռիլքօ` ուրբաթ 14 նոյեմբերին մամուլին ներկայացնելով եկեղեցական շարժանկարեցրու երրորդ միջազգային հաւաքը, որուն բնաբանն է.''Աւետարանի ուրախութիւնը, միսիոներականն ուրախութիւն է'', ըսաւ, ''յառաջիկայ հինգշաբթի օրը Հռոմի մէջ սկիզբ կ'առնէ եկեղեցական շարժումներու եւ նոր հասարակութիւններու հաւաքը։ Այս նախաձեռնութեամբ կը նպատակադրենք ռահվիրաները ըլլալ Աւետարանի քարոզութեան նոր հանգրուանին։ Հաւաքին կը մասնակցին շուրջ 300 ներկայացուցիչներ, որոնք կը ներկայացնեն հարիւրաւոր շարժումներ ու նոր հասարակութիւններ։ Առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ 1998-ին։
Կարդինալ Սդանիզլաւ Ռիլքօ որակեց յառաջիկայ հաւաքը որպէս պտուղը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին հակառակ խաւարող աշխարհական մտայնութեան։ Շատեր գայթակղած կը հարցադրեն թէ ի՞նչպէս տակաւին կան մարդիկ, այր թէ կին, երիտասարդ թէ հասուն մարդիկ որոնք ուրախութեամբ կը համապատասխանեն Աւետարանի կանչին, ըլլալու քրիստոնեաներ, որոնք վեհանձնութեամբ կ'ընտրեն Քրիստոսը եւ ուրախութեամբ կ'ապրին Աւետարանը, որպէս վստահելի ուղեցոյց մը։ Արդարեւ բազմաթիւ են Ս. Հոգւոյ պարգեւները որ իր Եկեղեցւոյ կ'ուղարկէ ընտրեալները առաջնորդելու համար զայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.